Վարդավառը քրիստոնէական հինգ տաղաւարներէն մէկն է եւ կը կոչուի «Այլակերպութեան» կամ «Պայծառակերպութեան» տօն:
Եկեղեցւոյ տօնացոյցի մէջ կը յիշուի որպէս շարժական տօն, Զատիկէն 28 օր
ետք, եւ կ՛իյնայ որեւէ կիրակի` յունիսի 28-էն մինչեւ օգոստոս 1:
Վարդավառը ամառնային տօն է եւ կապուած է ջուրի պաշտամունքին հետ: Ըստ
հայկական աւանդազրոյցին, Նոյ նահապետը իջնելով տապանէն` ամէն տարի այդ օրը
կը պատուիրէ իր զաւակներուն իրարու վրայ ջուր թափել, որպէսզի գալիք
սերունդները չմոռնան ջրհեղեղի պատմութիւնը:
|