|  Վարդավառը քրիստոնէական հինգ տաղաւարներէն մէկն է եւ կը կոչուի «Այլակերպութեան» կամ «Պայծառակերպութեան» տօն:
 Եկեղեցւոյ տօնացոյցի մէջ կը յիշուի որպէս շարժական տօն, Զատիկէն 28 օր 
ետք, եւ կ՛իյնայ որեւէ կիրակի` յունիսի 28-էն մինչեւ օգոստոս 1: Վարդավառը ամառնային տօն է եւ կապուած է ջուրի պաշտամունքին հետ: Ըստ 
հայկական աւանդազրոյցին, Նոյ նահապետը իջնելով տապանէն` ամէն տարի այդ օրը 
կը պատուիրէ իր զաւակներուն իրարու վրայ ջուր  թափել, որպէսզի գալիք 
սերունդները չմոռնան ջրհեղեղի պատմութիւնը: 
 |